Ազգային Առաջնորդարանի բարերարներու՝
շնորհակալական ընթրիք

Տարիներու գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանը, ջերմ եւ զուարճալի մթնոլորտով տոգորուած մտերմիկ ընթրիք մը կազմակերպեց Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Ահարոնեան սրահին մէջ, որուն սեղաներուն շուրջ բոլորուած էին սոյն համայնքին ազգանուէր ծառաները եւ Ազգային Առաջնորդարանին օժանդակող բազմավաստակ բարեկամներն ու բարերաները։
Բարի Գալուստի խօսքը փոխանցեց Ազգայի Վարչութեան ատենապետ, պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեանը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիքը։ Ընթացքին տեղի ունեցան երաժշտութեան եւ երգարուեստի ներկայացումներ ու մեներգներ, կատարողութեամբ համայնքիս նորաբողբոջ երաժշտասէր սերունդին եւ արոեստագէտ Էլի Պէրպէրեանին։
Աւարտին Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեանը, իր շնորհակալական եւ «տալու» գոհունակութիւնը բացատրող խօսքերով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց երեկոն։