Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան Լիագումար Ժողով

            Նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, մասնակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեանի, եւ ատենապետութեամբ Տիկին Ծովիկ Թերզեանի, 17-18 Դեկտեմբեր 2021-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը գումարեց լիագումար ժողովը, առիթ ընծայելով արծարծելու, արժեւորելու ու գնահատելու Ազգային Առաջնորդարանիս բազմաբովանդակ գործունէութիւնը եւ ծրագրելու յառաջիկայ տարիներու կարճաժամկէտ ու երկարաժամկէտ տեսլականն ու հայեցակարգերը:

            Ժողովը նախ եւ առաջ քննեց Ազգային Առաջնորդարանիս բաժանմունքներուն, խորհուրդներուն, յանձնախումբերուն եւ ենթայանձնախումբերուն աշխատանքնրը, յաջողութիւնները, մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները, այնուհետեւ, Դիւանապետը համադրեց  աշխատանքային 5-ամեայ ծրագրի տեսլականը, հիմնարար ուղղենիշներն ու ճանապարհային քարտէզը, շեշտը դնելով քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան վրայ:

            Նշենք, որ Ազգային Առաջնորդարանը ունի հիմնական երեք բաժանմունքներ, Քրիստոնէական դաստիարակութեան, Հայեցի դաստիարակութեան ու Երիտասարդական: Իսկ խորհուրդներն ու յանձնախումբերը կը կրեն հետեւեալ պատկերը.- Քրիստոնէական Դաստիարակութեան խորհուրդ, Հայեցի Դաստիարակութեան խորհուրդ, Հայ Երիտասարդի Շաբթուան յանձնախումբ, Ուղորդումի Մասնագիտական Ծրագրի յանձնախումբ (Mentorship Program), «Առաջնորդի Ընթրիք»-ի յանձնախումբ, Կտակի յանձնախումբ, Անդամական յանձնախումբ, Տնտեսական յանձնախումբ, Առաջնորդարանի Ֆոնտի յանձնախումբ, Առաջնորդարանի Շէնքի Մատակարարման յանձնախումբ եւ յաւուր պատշաճի այլ ենթայանձնախումբեր:

            Հուսկ, ժողովը արծարծեց նաեւ Հոգաբարձութեանց հետ հանդիպումներուն, Ազգային Վարչութեան յառաջիկայ 6-ամսեայ Գործունէութեան եւ  Ազգային Երեսփոխանական Ժողով 2022-ի ելակէտային դրոյթներն ու նախապատրաստական աշխատանքները:

            Իր ողջոյնի խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը արժեւորեց ցարդ տարուած աշխատանքները, գնահատեց Ազգային Վարչութեան, Ազգային Առաջնորդարանիս բաժանմունքներու, խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու անդամները եւ յորդորեց, նոր աւիւնով ու ոգիով լծուիլ արդիւնաւոր գործի՝ յանուն եկեղեցւոյս ու գաղութիս յարատեւ վերելքին ու բարգաւաճման, յանուն նոր սերունդի դաստիարակութեան ու ծաղկման։ 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us