Elie Barbarian donates a concert for Sourp Kevork Church Building Project

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց
մեներգիչ Էլի Պէրպէրեան

IMG_7110Շաբաթ, 29 Նոյեմբեր 2014-ին, Լաւալի Հայ Աւետարանական Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ դասական եւ հայկական երգերու ելոյթ, երգեցողութեամբ եւ մասնակցութեամբ գաղութիս ծանօթ երգիչ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբին։ Ներկայ էին հոգեւորականաց դասը, ազգային գործիչներ եւ մշակութասէր հանդիսատեսները։ Յիշելու արժանի է, թէ սոյն ելոյթի հասոյթը նուիրատրուած է, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շինութեան ծրագրին եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը բերած է Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղը։
Բացման խօսքը կատարեց Պրն. Մեսրոպ Պէրէճիքեան ապա Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Գամայեան։ Մենահամերգի աւարտին, Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեան խօսք առնելով, շնորհաւորեց եւ գնահատեց մեներգիչ Էլի Պէրպէրեանը եւ անոր նուագա-խումբը, Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ կառուցման ծրագրին իրենց անշահախնդիր ծառայութեան եւ աջակցութեան համար։
IMG_7135 IMG_7090



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us