CONDOLENCES to Armenian Catholics

Առաջնորդ Սրբզան Հայրը այցելեց
Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի

nerses-bedrosԳերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեան, Կիրակի, 28 Յունիս 2015-ին, անձամբ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց,  Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ համայնքին, երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին վախճանման տխուր առիթով։

Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ մատուցուած Սուրբ Պատարագին եւ Հոգեհանգստեան պաշտօնին։

Յիշատակն արդարոց, օրհնութեամբ եղիցի:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us