Communique – BT Seminar Kingston November 12, 2016

Գանատայի Հայոց Թեմի Հոգաբարձութեանց, Ազգային
Երեսփոխաններու եւ Պատգամաւորներու Խորհրդաժողով 

img-20161112-wa005

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Հոգեւոր Հովիւներուն, Հոգաբարձութեանց, Ազգային Երեսփոխաններու եւ Պատգամաւորներու միօրեայ խորհրդաժողովը նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի՝ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 12 Նոյեմբեր 2016-ին, Քինկսթընի մէջ:

Օրակարգի առաջին նիւթով, Ազգային Վարչութեան գործունէութեան ներկայացումը կատարեց պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան, Ատենապետ Ազգային Վարչութեան: Պրն. Տէր Ղազարեան յետադարձ ակնարկ մը կատարեց վերջին վեց ամիսներու ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն ու ապա կեդրոնացաւ յառաջիկայ ամիսներու ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւն-ներուն մասին: Ապա՝ Թեմիս բոլոր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները զեկուցեցին իրենց իրավիճակին եւ ծրագիրներուն մասին:

Օրուան բանախօսն էր Պրն. Վահագն Գարագաշեան, Վարիչ Խմբագիր Հորիզոն Շաբաթաթերթի, որուն նիւթն էր՝ «Հայութեան գոյատեւելիութեան խնդիրներ. Սփիւռքի ուծացման հոլովոյթը»։ Պրն. Գարագաշեան իր խօսքին մէջ անդրադարցաւ Հայ սփիւռքի ծագումի, դասական սփիւռքի, վերանկախացման շրջանի սփիւռքի, հայապահպանութեան, այսօրուան քրիստոնէական մեր արժէհամակարգին մասին, յատկապէս շեշտելով հայեցի ազգային դաստիարակութեան եւ գաղափարախօսութեան կարեւորութիւնը մեր կրթօճախներէն ներս, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անժխտելի դերակատարութիւնը համայնքային մեր կեանքին մէջ։ Բանախօսը եզրափակեց ըսելով. «ժամանակն է զգաստութեան հրաւիրելու եւ վերազարթնեցնելու մեր գաղութը, զօրաշարժի ենթարկելու, համախմբուելու եւ մեր գոյատեւելիութեան ուղին վերարժաւորելու… այսօր է այդ պահը, այսօր պէտք է վերարժեւորել ազգային ոգիով վերստին շնչաւորելու հանգրուանը»։

Օրակարգի վերջին նիւթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայացուց Թեմիս Կանոնագրութեան հետ առընչուող կարգ մը կէտեր, որոնք Մայիս 2016-ին հաստատուած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Արամ Վեհափառի կողմէ։

Աւարտին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս, իր փակման խօսքին մէջ ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը եւ գնահատեց անոնց մասնակցութինը սոյն խորհրդաժողովին։ Սրբազան Հայրը ըսաւ, թէ այս համախմբումը ցոյց կու տայ նախանձախնդրութին մեր ազգային պահանչքներուն եւ ինքնութիւնը պահպանելու կարեւորութեան անհրաժեշտութեան մասին։ Ան ըսաւ. «Հայապահպանման կարեւոր ազդակներն են՝ եկեղեցի, դպրոց, ընտանիք եւ միութիւնները, ինչպէս նաեւ լեզու եւ մշակոյթ։ Այս բոլորը երբ կայուն հունի մէջ պահենք, նոր սերունդի հայերէն լեզուամտածողութեան եւ հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութեան կռուանները կամրագրենք Գանատայի մեր համայնքներէն ներս։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց խորհրդաժողովը։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us