ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՒՑԵՑ ԳԷՄՊՐԻՃԻ Ս. ՆՇԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

            Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան տօնի Ճրագալոյցին, Չորեքշաբթի, 5 Յունուար 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս  Չարեան Ս. Պատարագ մատուցեց Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, հաւատացեալներուն փոխանցելով Քրիստոսի Ծննդեան Աւետիսի պատգամն ու  ճրագալոյցի մշտավառ լոյսը:

            Արդարեւ, Գէմպրիճի եւ շրջակայից մեր համայնքի զաւակները հաւաքուած էին ըմբոշխնելու հոգեպարար արարողութիւնն ու լիցքաւորուելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամով։

            Ս. Պատարագէն առաջ, Ս. Ծննդեան յատուկ Ս. Գրային ընթերցումներ կատարեցին դպիրներն ու դպրուհիները, ապա, Ս. Ծննդեան ժամամուտի արարողութեամբ սկսաւ Ս. Պատարագը:

            Ս. Պատարագին, Առաջնորդ Սրբազան հօր կողքին Ս. Սեղանին սպասարկեցին Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանն ու Եկեղեցւոյ սարկաւագները:

            Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վեր առաւ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան խորհուրդն ու նշեց, որ Քրիստոսի աշխարհ գալուստը մարդկութեան տրուած մեծագոյն պարգեւն էր եւ համեստութեան, խոնարհութեան ու հեզութեան թելադրանք: Մեր Փրկիչը երկինքէն երկիր իջաւ, որպէսզի մեզ մօտեցնէ Իրեն, եւ Իր մարմնացումով ու մանկացումով իւրաքանչիւրս իրարու մէջ տեսնենք զԻնք՝ իբրեւ խաղաղութեան, ու արդարութեան իշխան: 

            Աստուծոյ որդին մարդացաւ ու հեզութեամբ ծնաւ մսուրի մը մէջ, որպէս օրինակ խոնարհութեան: Մեր Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս աշխարհ եկաւ լուսաւորելու համար խաւար աշխարհը եւ սիրոյ, յոյսի ու փրկութեան սերմերը ցանելու մարդկութեան սրտերուն մէջ։ «Այսօր եւս մանկացեալ Փրկիչը իմ եւ քու խղճի դուռը կը թակէ, համբերատար եւ յուսալից։ Հիւրընկալելու տեղ ունի՞նք…», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, կոչ ուղղելով ներկաներուն, որպէսզի իրենց սրտերն ու հոգիները բանան ու վերածեն Բեթղեհէմի մսուրին, որպէսզի մեր Փրկիչը գայ եւ բնակի այնտեղ:

            Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց հացի ու աղի օրհնութիւն, անոնց ընդմէջէն օրհնելով իւրաքանչիւր հաւատացեալ, որպէսզի Քրիստոսի Լոյսին ներքոյ ապրին սիրով, խաղաղութեամբ, եւ բարիկամեցողութեամբ լի կեանք մը:

           



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us