28 Oct Թեմիս Եկեղեցիներու Հոգաբարձութեանց Միօրեայ Խորհրդաժողով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի «Սփիւռքի Տարի» Հռչակման առիթով
Շաբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2022-ին, Օնթարիօ նահանգի Քինկսթըն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի եկեղեցիներու հոգաբարձութեանց միօրեայ խորհրդաժողովը, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի։ Խորհրդաժողովի բացումը կատարեց Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան։ Օրակարգին նիւթերը հիմնուած էին Վեհափառ Հայրապետի «Սփիւռքի Տարի» հռչակագրին վրայ,...