Գանատայի Հայոց Թեմը մեծ ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ հովանաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին, Առաջնորդարանիս Ազգային Վարչութեան անդամ ու բարերար Պրն. Նազար Չաթալեան 8,000 (ութը հազար) ԱՄՆ տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեց իր հօր՝ հանգուցեալ Վրէժ Չաթալեանի յիշատակին, որ բաշխուեցաւ Արցախեան պատերազմին նահատակուած...

Ս. Ստեփանոս Նախավկայ սարկաւագը մէկն էր այն եօթը երիտասարդ քրիստոնեաներէն, որոնք Երուսաղէմի Եկեղեցւոյ կողմէ սարկաւագ ընտրուեցան՝ ժողովրդին սպասաւորելու համար: Ս. Ստեփանոս Սուրբ Հոգիի շնորհքներով ու զօրութեամբ լեցուն անձ մըն էր եւ Յիսուս Քրիստոսի մասին կը վկայէր ո՛չ միայն խօսքով, այլեւ՝ զարմանալի գործերով ու նշաններով: Անոր քարոզներն ու...

            Նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, մասնակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեանի, եւ ատենապետութեամբ Տիկին Ծովիկ Թերզեանի, 17-18 Դեկտեմբեր 2021-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը գումարեց լիագումար ժողովը, առիթ ընծայելով արծարծելու, արժեւորելու ու գնահատելու Ազգային Առաջնորդարանիս բազմաբովանդակ գործունէութիւնը...

Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ ծխական համայնքը, Կիրակի, 19 Դեկտեմբեր 2021-ին, մեծ խանդավառութեամբ նշեց Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետին ու Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Արդարեւ, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնման Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, սուրբին վարքն ու մարտիրոսութիւնը վեր առնող պատգամ մը ուղղեց,...

            Գանատայի Հայոց Թեմը ուրախութեամբ կը յայտնէ Ազգային Առաջնորդարանի երեք երիտասարդ դեսպաններու նշանակումները, որոնք պիտի օժանդակեն Առաջնորդարանիս յարատեւ զարգացող կարիքներուն, ապահովելու համար երիտասարդութեան հոսքը, ներգրաւուածութիւնն ու յանձնառութիւնը՝ Գանատայի ողջ տարածքին:             Երիտասարդ դեսպաններու այս խումբը կը բաղկանայ 25-40 տարեկան, տարբեր մասնագիտութիւններու մէջ յառաջատար անձերէ, որոնք Հայց....

Շաբաթ, 28 Նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ներկայ գտնուեցաւ Հ.Օ.Մ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպած Տոհմիկ օրուան, որ այս տարի ձօնուած էր Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի Հայ գաղութներուն: Երկօրեայ միջոցառումը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ:Միջոցառումը յագեցած էր դասախօսութիւններով,...

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ Կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդին, Հինգշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Աստղիկ Աբրահամեանի «Սեւ լեռները»՝ «Les montagnes noires» ֆրանսերէն վէպի շնորհահանդէսը, որ նուիրուած...

            Աւելի քան երկու տարիէ ի վեր, Լիբանանի մեր հայկական օճախը կ՚ապրի տագնապալի վիճակներ. երբեմնիինքնաբաւ ու բարօր գաղութը, այսօր մատնուած է մարդկային, տնտեսական, ընկերային ու առողջապահական  ծանր ու անել դրութեան: Մեր ժողովուրդի զաւակները անձկագին ժամանակներ կ՚ապրին ու պէտք ունին մերհետեւողական օժանդակութեան։ Այսօր, օրհասական պահը տակաւին կը...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us