Գանատայի Հայոց Թեմի Շքանշանակիրներ
Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի պաշտօնական ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 13 Մայիս 2016-ին, հիւրընկալութեամբ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան։
Ճաշկերոյթի ընթացքին, պարգեւատրուեցան հետեւեալ անհատները.-
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեահափառ Հայրապետի հռչակած «Ծառայութեան Տարի»ին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը բարձրօրէն գնահատեց՝ Վահագն Յովսէփեանը, Սարգիս Գաւուքճեանը, Անի Օհանեանը, Անժէլ Պետրոսեանը, Փիէռ Թերզեանը, Կարօ Պողոսճիկեանը, Ռաֆֆի Գուշեանը, Բժիշկ Պարոյր Թուխմանեանը, Յովիկ Պիլէմճեանը, Ճորճ Կարապետեանը, Գալուստ Գրիգորեանը եւ Յակոբ Տէօշողլեանը, իրենց ազգաշէն ծառայութեան եւ անձնուրաց զոհողութեան համար՝ ի պանծացումն Հայ Ժողովուրդին։
«ՅՈՎՀԱՆ ՄԱՆԴԱԿՈՒՆԻ» Ազգային-Եկեղեցական ծառայութեանց շքանշանով պարգեւատրուեցան՝ Շուշան Աճէմեան, Հերմինէ Մանուկեան, Յակոբ Լախոյեան, Գէորգ Թորամանեան եւ Վարդավառ Փանոսեան։
«ԱՆԱՆԻԱ ՇԻՐԱԿԱՑԻ» Ազգային, Կրթական, Մշակութային եւ Մասնագիտական Իրագործումներու շքանշանով պարգեւատրուեցան՝ Բժիշկ Արի Մկրտիչեան, Յասմիկ Ինճեճիկեան եւ Անիա Պողարեան։