CANAR-2013

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Աւարտեց իր Աշխատանքները

Գանատայի Հայոց Թեմի Երեսփոխանական ժողովը գումարուեցաւ 24-25Մայիս, 2013-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ եւ բարձր Նախագահութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի։

Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Թեմի բոլոր եկեղեցիներու Հոգեւոր հովիւներն ու Ազգային երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ Կիլիկեան իշխաններ, Ասպետներ, «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանակիրներ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչը, Ազգային Պատգամաւորներ, Հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչներ, Առաջնորդարանի Քրիստոնէական եւ Հայեցի Դաստիարակութեան ու Կանանց եւ Հոգատարութեան Խորհուրդներու եւգործակից կազմակերպու­թեանց ներկայացուցիչներ, որոնք ժամանած էին Մոնթրէալէն, Լաւալէն, Սէնթ Գաթրինզէն, Գէմպրիճէն, Թորոնթոյէն եւ Վանգուվըրէն։

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Ս. Արք. Յակոբեանի աղօթքով, որմէ ետք յաջորդաբար բարի գալուստի եւ ողջոյնի խօսքեր փոխանցեցին հիւրընկալ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւի օգնական՝ Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Փանոսեան, Հոգաբարձութեան ատենապետ պրն. Գրիգոր Շիթիլեան եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան: Ինչպէս նաեւ Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեան, Հոգեւոր Տեսուչ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ, Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Դանիէլեան, Առաջնորդական Փոխանոր ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի եւ Արժանապատիւ Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, ներկայացուցիչ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի:

Ողջոյնի խօսքերէն ետք, իր հայրական պատագամը փոխանցեց Թեմիս Բարեջան Առաջնորդը, որ իր շնորհակալութիւնը յայտնելէ ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ազգային Վարչութեան կրօնական եւ քաղաքական ժողովներուն, Առաջնորդարանի հովանիին ներքեւ գործող խորհուրդներուն, ազգայիններուն եւ բարերարներուն, ան իր շեշտը դրաւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մարդակերտումի եւ հայապահպանման առաքելութեան վրայ:

Ժողովին իր Հայրական Պատգամը ուղղարկած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։

Ապա ժողովը սկսաւ իր աշխատանքները, որուն դիւանի ատենապետ ընտրուեցաւ պրն. Յակոբ Պուլկարեան, իսկ քարտուղար՝ Տ. Հրանդ Աբղ. Թահանեան։

Ժողովը իր ընթացքիկ օրակարգերու կողքին, անդրադարձաւ յատկապէս հտեւեալ նկատառելի հարցերուն.-

– Քրիստոնէական Դաստիարակութիւն
– Հայեցի Դաստիարակութիւն
– Տնտեսական Հարցեր
– Սուրիոյ Օժանդակութիւն
– Հոգատարութեան Խորհուրդ
– Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակ

Տեղի ունեցաւ նաեւ Ազգային Վարչութեան ընտրութիւնը եւ Թեմիս 2013-2014 տարեշրջանի կազմի անդամներն են հետեւեալ հոգեւորականներն ու ազգայինները.-

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Գերապատիւ Տ. Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեան՝ ատենապետ
Արժանապատիւ Տ. Կոմիտաս Ա. Քահանայ Փանոսեան՝ ատենադպիր
Հոգեշնորհ Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեան՝ խորհրդական

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան՝ ատենապետ
Պրն. Յարութ Գասապեան՝ փոխ-ատենապետ
Պրն. Յակոբ Պուլկարեան՝ ատենադպիր
Պրն. Գրիգոր Գույումճեան՝ գանձապահ
Պրն. Արթօ Գապասագալեան՝ խորհրդական
Տիկին Ծովիկ Թէրզեան՝ խորհրդական
Տիկին Էքի Թռնամեան՝ խորհրդական
Օրիորդ Ժիւլիէթ Սարգիսեան՝ խորհրդական
Պրն. Սիմոն Փօլատեան՝ խորհրդական

*****

Ուրբաթ, Մայիս 24-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիսութիւն, նուիրուած Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի քահանայական օծման ու ձեռնադրութեան 45-ամեակին առիթով: Այս առիթով, Գերապատիւ Տ. Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեանի ջանքերով, հրատարակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Ազատութեան Փրկագինը» հատորը:

Շաբաթ, Մայիս 25-ին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի մասնակիցները եւ 450-է աւելի հիւրեր մասնակցեցան Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի քահանայական օծման ու ձեռնադրութեան 45-ամեակի եւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 30-ամեակի պաշտօնական ճաշկերոյթին, որուն ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Spirit of Armenia» շքանշանով պատուեց՝ պրն. Թամըս Սարասը, նախագահ Գանատայի Համայնքային Մամլոյ Խորհուրդի, որուն միջոցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցուեցաւ բանաձեւով մը եւ պահանջուեցաւ անոր ընդունումը Գանատական Կառավարութենէն:

Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հովիւի ու հոգաբարձութեան խնդրանքով, եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 30-ամեակի առիթով, Առաջնորդարանի «Անանիա Շիրակացի» շքանշանով պարգեւատրուեցան՝ Տէր եւ Տիկին Զոհրապ Պէքարեան, Տէր եւ Տիկին Կարօ Զաքարեան եւ Տէր եւ Տիկին Ռաֆֆի Սարգիսեան:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Սրբատառ Կոնդակով, Տէր եւ Տիկին Սամ եւ Անահիտ Արմոյեան արժանացան «Կիլիկեան Իշխան»ի շքանշանին, իսկ Տեարք Յակոբ Թաշճեան, Յակոբ ճանպազեան եւ Աբգար Միրաքեան «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանին եւ Տիրացու Մանուէլ Շէհիրեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին:

Երեկոյի ընթացքին խօսք առին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տ. Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեան եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ պրն. Գրիգոր Շիթիլեան, Նորին Վսեմութիւն Դեսպան Արմէն Եգանեան, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ատենապետ պրն. Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան:

Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեան երեկոն փակեց պահպանոչով ու 30-ամեայ եկեղեցւոյ մասին այս խօսքերով. «Ջահը որ վառեցաւ 30 տարիներ առաջ եւ եղաւ հոգիներու լոյս, թող լուսաւորէ նորանոր սերունդներ եւ դառնայ անքակտելի միութիւնը մեր հաւատքին ու մեր ժողովուրդին, Եկեղեցւոյ յաւերժահաս առաքելութեամբը նուաճելու համար նոր հորիզոնները ի փառս Աստուծոյ եւ ի պատիւ մեր ժո

Executive Council Members 2013-2014

Clergy Members:

Very Rev. Fr. Meghrig Parikian, Chairperson
Archpriest Gomidas Panossian, Secretary
Very Rev. Fr. Keghart Kosbakian, Advisor

Lay Members:

Mr. Krikor Der Ghazarian, Chairperson
Mr. Harout Kassabian, Vice-chairperson
Mr. Hagop Boulgarian, Secretary
Mr. Krikor Kouyoumdjian, Treasurer
Mr. Arto Kabassakalian, Advisor
Ms. Juliette Sarkissian, Advisor
Mrs. Eky Ternamian, Advisor
Mrs. Zovig Terzian, Advisor
Mr. Simon Poladian, Advisor

Canadian Armenian National Assembly Representatives (CANAR)

Sourp Hagop Armenian Apostolic Church, Montreal

Mr. Toros Babikian
Mr. Levon Bengian
Mr. Hagop Boulgarian
Mr. Krikor Der Ghazarian
Mr.Sarkis Kouyoumdjian
Mr. Movses Keusseyan
Mr. Kevork Ohanian
Mr. Ara Palandjian
Mr. Levon Yaghjian

St. Mary Armenian Apostolic Church, Toronto

Mr. Krikor Astourian
Mr. Harout Chitilian
Mr. Sarkis Harmandayian
Mrs. Souzy Kaltagian
Mr. Sam Manougian
Mr. Apkar Mirakian
Ms. Juliette Sarkissian
Mr. Sahag Sethian
Mr. Manas Titizian

Sourp Kevork Armenian Apostolic Church, Laval

Mrs. Chouchan Ajemian
Mr. George Garabedian
Mr. Boghos Gulian
Dr. Garbis Harboyan
Mr. Hagop Lakhoyan
Mrs. Sirarpi Mandalian
Dr. Kevork Manoukian
Mrs. Dzovig Terzian
Mr. Kevork Toramanian

Sourp Nishan Armenian Apostolic Church, Cambridge

Mr. Kevork Garabedian
Mr. Garbis Haneshian
Mr. Tro Taslakian
Mr. Sarkis Tavitian

St. Gregory the Illuminator Armenian Apostolic Church, Vancouver

Mrs. Sona Bedrossian
Mr. Hagop Der Hagopian
Mr. Vahe Hagopian



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us