05 Dec «Հորիզոն» կը հրատարակէ կրօնական յաւելուած
«Հորիզոն»ի Դեկտեմբերի առաջին թիւով լոյս տեսաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Քրիստոնէութեան դաստիարակութեան խորհուրդի կրօնական նիւթեր պարփակող «Լուսաւորիչ եկեղեցին տան մէջ» յաւելուածը, որ յետ այսու պիտի հրատարակուի ամսական դրութեամբ։ Յաւելուածին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Բաբգէն Արք. Չարեան անդրադառնալով «Լուսաւորիչ»ի առաքելութեան կ՚ըսէ. «Այս կրօնական ամսաթերթը իր իւրայատուկ դիմագիծով պիտի շօշափէ...