Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՈՒՆԴԸ՝ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԸ ՄԱՐԴՈՒՆ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ Յակոբոս Առաքեալ կը բնորոշէ որպէս՝ վերածնունդը մարդուն. «Աստուած կամեցաւ մեզ վերստին ծնիլ» (Յկ 1.18)։ Քրիստոնէական հաւատքին առանցքը կազմող Առաքեալին այս վկայութեան լոյսին տակ, սիրելի հայորդիներ, եկէք նայինք Աստուածաշունչին։ Արդարեւ, Աստուծոյ կամքը սկիզբն է...
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԱՌՈՂՋԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան 30 Հոկտեմբեր 2015 թուակիր նամակով, առողջական պատճառով հրաժարական ներկայացուց իր Առաջնորդի պաշտօնէն՝ Ազգային Վարչութեանս 11 Նոյեմբեր 2015-ի լիագումար ժողովի աւարտին։ Նախքան այդ, Սրբազան Հայրը դարձեալ 30 Հոկտեմբեր 2015 թուակիր նամակով, իր անձնական հրաժարագիրը արդէն իսկ փոխանցած էր...
The 1988 Armenian earthquake, also known as the Spitak earthquake occurred in the northern region of Armenia on Wednesday, December 7, 1988 at 11:41 local time. We mourn the death and destruction in Armenia and we pray for those who died in the disaster. May their...
ՀԱՆԳԻՍՏ Գանատայի Հայոց Թեմը սրտի դառն կսկիծով կը գուժէ բազմավաստակ Պատուակալ Հովիւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ՝ Տ. Արմէն Աւ. Քհնյ. Իշխանեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 27 Նոյեմբեր 2015-ին։ Վախճանեալին համար Սուրբ Պատարագ եւ Վերջին Օծում տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7.00-ին։ Թաղման...
Հոգշ. Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան Կը ստանայ Վարդապետական Գաւազանի Իշխանութիւն
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ եւ տնօրինումով, Շաբաթ, 14 Նոյեմբեր 2015-ին, յետ «Կիրակմուտքի» ժամերգութեան, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան անդամ՝ Հոգշ. Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեանի Վարդապետական Գաւազանի տուչութեան արարողութեան առաջին բաժինը, ձեռամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Անդրանիկ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի եւ խարտաւիլակութեամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանի։ Ձեռնադրիչ Սրբազանը՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեան շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ Մայր Եկեղեցւոյ ատեանը եւ խարտաւիլակին՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանի միջնորդութեամբ կատարեց ընծայեալ աբեղային հաւատքի քննութիւնը: Ան նզովեց բոլոր աղանդաւոր հերձուածողները ու անոնց ուսուցումները եւ հաստատեց իր հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին ու անոր ջատագով բոլոր հայրապետներու ուսուցումներուն: Կիրակի, 15 Նոյեմբեր 2015-ին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին՝ Տէրունական աղօթքէն անմիջապէս առաջ, ձեռնադրիչ Սրբազանը շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ Մայր Եկեղեցւոյ ատեանը: Յաջորդաբար Հայր Վարդանին շնորհեց Վարդապետական Մասնաւոր Իշխանութեան Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիին կողմէ սահմանուած առաջին չորս աստիճանները եւ յանձնեց Վարդապետական գաւազանը:ՈՒՐԱԽԱԼԻ ՊԱՏՄՈՒՃԱՆԸ ԳՏՆԵԼՈՒ ՓԱՓԱՔՈՎ
«Ահա՛, ես նո՛ր բան մը պիտի ընեմ, որ հիմա պիտի պատահի… Ես անապատին մէջ ալ ճամբայ պիտի բանամ, Եւ ամայութեան մէջ գետեր պիտի հոսեցնեմ»։ (Եսայի 43.18-19)
Աստուծոյ օրհնութեամբ, դարձեալ ականատես վկաներն ենք, 2016՝ Նոր Տարուան գալուստին ու վստահաբար նորը իր հետ պիտի բերէ նոր յոյսեր, յաջողութիւններ, սխրանքներ, յաղթանակներ ու բարիքներ։ Կասկած չկայ, որ ամէն տարի, առանց հինը մոռնալու՝ ետեւ ձգելու ճիգ մը կը թափենք, աւելի լաւին, աւելի գեղեցիկին եւ կատարեալին հասնելու փափաքով։ Անտարակոյս, կեանքի բոլոր ժխտական երեւոյթներէն ձերբազատուելու խոստումներով կը դիմենք մեր հարազատներուն, որոնց օրհնութեան կ՚արժանանանք՝ ներողամտութեամբ եւ սիրով։ Սակայն, գիտակից պէտք է ըլլանք նաեւ, տեսնելու կեանքին ճշմարտութիւններն ու «Բնական Օրէնքները», որոնք միշտ մեր ուզածին պէս չեն։ Անոնք երբեմն կը վիրաւորեն մեզ եւ երբեմն ալ կը ցաւցնեն։ Մատիտի պէս մէջտեղէն կը կտրեն եւ ծաղկամանի պէս փշուր-փշուր կը տարտղնեն։ Կեանքը այսպէս է։ Բայց կեանքը այսպէս չէ՛ եւ պիտի չըլլա՛յ բոլոր անոնց համար, որոնք Քրիստոնէական հաւատքով վահանաւորուած են։ Քրիստոնեայ մարդը կեանքը պէտք է ընդունի այնպէս՝ ինչպէս որ է։ Եթէ արեւին ջերմութեան եւ լոյսին կը հաւատանք, ուրեմն, պիտի հաւատանք նաեւ ա՛յն գիշերուան, որ պիտի յաջորդէ շողշողուն օրուան։ Եթէ երիտասարդական մեր ոյժին կը հաւատանք ու կրնանք մեր գօտիները մեր ձեռքերով կապել, պիտի հաւատանք նաեւ, որ ժամանակ մը ետք, ուրիշներ պիտի կապեն մեր գօտիները եւ պիտի տանին հոն՝ ուր չենք ուզեր երթալ (հմմտ Յհ 21.18)։ Եթէ ծնունդին կը հաւատանք, պէտք է հաւատանք նաեւ ի Տէր ննջման. ո՛չ մահուան, որուն կը հաւատան անհաւատները։