Առաջնորդարանի Երիտասարդական Լսարան
Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին, Ուրբաթ, 20 Յունուար 2017-ին, սկսաւ Առաջնորդարանի երիտասարդական լսարաններու շարքի առաջին հանդիպումը, ղեկավարութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանին՝ Վարիչ, Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին։
Լսարանի առաջին նիւթն էր՝ «Երիտասարդութիւնը, Հայ Եկեղեցին եւ ընկերային կեանքի ամէնօրեայ փոփոխութիւնները», որ ներկայացուց Հայր Վարդան, անդրադառնալով Աստուածաշունչի մասին եւ թէ ինչո՞ւ կարեւոր է կարդալ Աստուծոյ խօսքը ընտանիքներէն ներս, ի՞նչն է որ մեզ ետ կը պահէ եկեղեցի երթալէ, հայ ընկերութեան մէջ ի՞նչպիսի առաւելութիւններ եւ կամ թերութիւններ կը տեսնենք, ո՞րքանով մեզ կը հետաքրքրէ համայնքային հաւաքական կեանքի առողջ կառոյցը, մենք մեր անձերը ո՞ւր կը տեսնենք որպէս քրիստոնեայ երիտասարդներ, ի՞նչ են երիտասարդութեան այժմեան դժուարութիւններն ու հարցերը, ի՞նչ է երիտասարդ, ընտանիք եւ եկեղեցի գաղափարները միացնող կապը, եւ վերջապէս, ի՞նչ ծրագիրներ կարելի է մշակել առաւել թափով երիտասարդնրը ներգրաւելու մեր ազգային եկեղեցական կեանքէն ներս։