Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

«Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԸ՝ ՄԱՅՐՈՒԹԵԱՆ, ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ, ԶՈՀՈՂՈՒԹԵԱՆ, ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՔՐԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ»

 

            Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ նաւակատիքին առիթով, Կիրակի, 15 Օգոստոս 2021-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան եղաւ Թորոնթոյի հայ համայնքին հետ, հանդիսապետեց եկեղեցական արարողութեանց, Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցեց, Աստուածամօր վարքն ու մայրութեան, հնազանդութեան, զոհողութեան, խոնարհութեան եւ մաքրակեցութեան առաքինութիւնները վեր առնող պատգամ մը ուղղեց, այնուհետեւ, մատաղօրհնէքի եւ Խաղողօրհնէքի արարողութիւնները կատարեց:

            Ս.  Պատարագը սկսաւ «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ: Ս. Խորանին սպասարկեցին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւներ՝ Գերապատիւ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Թաշճեանն ու  Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանը, ինչպէս նաեւ սարկաւագաց դասը:

            Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան Ատենապետուհին՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանն  ու անդամներէն՝ Պրն. Նազար Չաթալեանը, ինչպէս նաեւ հոգաբարձութեան անդամներ ու հաւատացեալներ:

            Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը հանգամանօրէն անդրադարձաւ Աստուածամօր առաքինի կենցաղին, որ դարեր շարունակ օրինակ ծառայած է բոլոր քրիստոնեայ կիներուն, իսկ մեր մայրերուն ու քոյրերուն համար, ան դարձած է մնայուն բարիքի եւ խնդրանքներու ու աղօթքներու հասցէ։ Ան կարեւորութեամբ կանգ առաւ Ս. Աստուածածինի հանդէպ քրիստոնեայ ժողովուրդներու, բայց մասնաւորաբար հայութեան յատուկ սիրոյն ու յարգանքին վրայ, նշելով, որ ան կը նկատուի մարմնացումն ու խորհրդանիշը սիրոյ, զոհաբերութեան, համեստութեան, հոգածութեան ու բազմաթիւ այլ առաքինութեանց։ Ան նաեւ խորհրդանիշ է Մօր, ու հետեւաբար, Հայ Մայրը դարերու ընթացքին զայն ընդունած է իբրեւ օրինակելի տիպար, անոր հանդէպ սէրը հասցուցած է պաշտամունքի աստիճանի։        

            Իր պատգամի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը խնդրամատոյց եղաւ Աստուածամօր ու Աստուծոյ, որպէսզի պատերազմները վերջ գտնեն, թշնամիի յարձակումները դադրին, աշխարհիս վրայ սէր ու խաղաղութիւն տիրէ, մասնաւորաբար Սուրիան ու Լիբանանը վերագտնեն իրենց բնականոն վիճակը: Ապա, կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն, որպէսզի միասնակամութեամբ եւ առաւել յանձնառութեամբ, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս իրենց նիւթական կարողութեան սահմաններուն մէջ աջակցութիւն ցուցաբերեն լիբանանահայութեան, որոնք մատնուած են մարդկային, տնտեսական, ընկերային ու առողջապահական  ծանր ու անել դրութեան եւ կ’ապրին անձկագին ժամանակներ  ու պէտք ունին մեր հետեւողական օժանդակութեան։

            Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մեծ համայնքը, Հոգեւոր Հովիւներն ու Հոգաբարձութեան անդամները, եւ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:

            Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց խաղողի օրհնութիւնն ու մատաղօրհնէք:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us