IMG_3043Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը այցելեց
Ազգային Առաջնորդարան

Հինգշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Նորին Վսեմութիւն Պրն. Կարէն Միրզոյեան ընկերակցութեամբ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝ Պրն. Արմէն Եգանեանին եւ Ռոպերթ Աւետիսեան  այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ հանդիպեցաւ Թեմակալ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեանին հետ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան ե Ատենադպիր՝ Պրն. Յակոբ Պուլկարեան։

Հանդիպման ընթացքին, արծարծուեցան Հայաստան-Սփիւռք համագոր-ծակցութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի բարգաւաճման մասին։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ երկկողմանի յուշանուէրներու փոխանակում։

IMG_3056