AREC at IAWAH Camp 2015

Հայ Երիտասարդը՝
վերանորոգուած Հոգեմտաւոր շունչով

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ գործող Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդը յաջողութեամբ աւարտեց իր տարեկան երիտասարդական համախմբումը՝ 5,6,7 Յունիսին, Քինկսթընի  IAWAH բանակավայրին մէջ։

Երեք օրերու ընթացքին, երիտասարդները ունկնդրեցին հոգեմտաւոր դասախօսութիւններ, քննարկեցին հայ երիտասարդը յուզող զանազան նիւթեր, ներկայ եղան ժամերգութիւններուն, մասնակցեցան զանազան խաղերու, տեղի ունեցաւ թատերական ներկայացում եւ վերջապէս գիշերային մտերմիկ խրախճանք։

Նկատի ունենալով որ այս տարի կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն անմեղ նահատակներուն սրբադասումը, Խորհուրդս այս տարուան սեմինարին ընդհանուր թեման վերնագրեց «Սուրբերը եւ Նահատակները» յորջորջումով։ Ներկայ եղան հիւր դասախօսներ ինչպէս, Հոգեշնորհ Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեան, Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան, Տիկին Սեմալին Չոգագլեան եւ Պրն. Գրիգոր Դերձակեան։

Օնթարիոյէն եւ Քէպէգէն ժամանած երիտասարդները ընկերային ջերմ ապրումներով եւ քաղցր յիշատակներով տոգորուած վերադարձան իրենց տուները։

Յատուկ շնորհակալութիւն Հայ Օգնութեան Միութեան Մոնթրէալի Սօսէ Մասնաճիւղի Վարչութեան, սոյն համախմբումին իրենց կատարած $2,000-ի նիւթական օժանդակութեան համար։

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us