ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԻՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Չորեքշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2014-ի առաւօտուն, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեան հանդիպում մը ունեցաւ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի յարկին ներքեւ գործող միութեանց եւ կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ Սուրիահայ Օժանդակութեան Յանձնախումբի անդամներուն հետ։
Բարի գալստեան խօսքով ներկաներուն իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Մեղրիկ Սրբ Եպս․ Բարիքեան, որմէ ետք ներկաներուն իր խօսքը փոխանցեց Գերշ․ Տ․ Շահան Սրբ. Արք․ Սարգիսեան եւ համապարփակ տեղեկութիւն փոխանցեց նիւթական բոլոր կարելիութիւններուն եւ օժանդակութեանց մասին։
ՇԱՀԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ
«ՔԱՐԷՆ ԵՓՓԷ» ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՆՑԵԱԼԻ
ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Սրբազան Հայրերը հանդիպեցան Ազգային «Քարէն Եփփէ» Ճեմարանի նախկին ուսանողներուն հետ։ Սոյն հանդիպման նպատակն էր Ճեմարանական ուսանողները ի մի խմբել, եւ անոնց միախմբումը մշտական դարձնել։
«ՆՈՒՌԻ ՖԻԼՄ» ՓԱՌԱՏՕՆԻ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Սրբազան Հայրերը ներկայ գտնուեցան Համազգային «Գլաձոր» Մասնաճիւղի կազմակերպած տարեկան «նուռի Ֆեստիվալ» ֆիլմի բացման հանդիսութեան։ Իրենց սրտի խօսքը արտասանելէ ետք, ուրախութեամբ իմացան, որ այս տարուան ֆիլմի ֆեստիվալի բացման ամբողջ եկամուտը պիտի տրամադրուի Բերիոյ Հայոց Թեմի «Դպրոց Հիմնադրամ»ին։
ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔ՝
Ի ՆՊԱՍՏ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
«ԴՊՐՈՑ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»ԻՆ
Իրիկուան ժամը 8։30-ին, տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաքը, մասնակցութեան մեծ թիւով հայորդիներու։ Այս առիթով շնորհալի Տիկին Թամար Գուզույեան-Տօնապետեանը շքեղօրէն երկու ասմունքներու ներկայացմամբ իր մասնակցութիւնը բերաւ սոյն նախաձեռնութեան։ Յաջորդաբար խօսք առին եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Հոգշ․ Տ․ Ստեփանոս Վրդ․ Փաշայեան, Հալէպի Օժանդակ Մարմնի Ատենապետ՝ Տիար Ժան Հալաճեան, Փոքրիկն Մարիամ Պոյաճեան, հուսկ Տ․ Շահան Արք․ Սարգիսեանը։
Սրբազան Հայրը սպառիչ իր պատգամով անգամ մը եւս յուսադրեց ներկաները ապրելու կամքով առլցուն։ Իր խօսքը եզրակացուց հետեւեալ բառերով․ «Սուրիաբնակ սուրիահայերը երախտագիտութեամբ եւ վճռակամութեամբ կը շարունակեն ապրիլ հայկական ու քրիստոնէական հաւատքը, հակառակ տագնապին ու վտանգներուն, բաց պահելով Հայ Դպրոցի դռները եւ նոր սերունդը դաստիարակելով պահանջատիրական գիտակցութեամբ»։
Տեղի ունեցաւ տեսասկաւառակի ցուցադրութիւն, որմէ ետք աղօթքով եւ «Կիլիկիա»յի հաւաքական երգեցողութեամբ վերջ գտաւ Սրբազան Հօր առաքելութիւնը ի Գանատա։