31 Oct Archbishop Papken in Cambridge_Oct 29, 2016
Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Գէյմպրիճի մէջ
Շաբաթ, 29 Հոկտեմբեր 2016-ին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան ներկայ գտնուեցաւ Գէյմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթին։ Ներկայ էին նաեւ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արք. Յակոբեան, Հոգեւոր Հայրեր եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան անդամները։
Ս. Նշան Եեկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետուհի՝ Տիկին Արփի Աշքարեան գնահատեց Եկեղեցւոյ նախկին Հոգեւոր Հովիւ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանը որ 3 շարունակական տարիներ նուիրումով, անձնդիր ծառայութեամբ հովուեց իրեն վստահուած հօտը։ Ապա բարի գալուստ մաղթեցին նորանշանակ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեանին, որ խանդավառութեամբ իր հովուական պաշտօնը ստանձնեց։
Հոգեշնորհ Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ ըսաւ. «Մեզի համար մեծ ուրախութիւն է մեր մէջ ունենալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ յատկապէս ժամանեց Գէյմպրիճ ըլլալու համար մեր համայնքի զաւակներուն հետ։ Սրբազան Հայր, ըսաւ Հայր Յովհաննէս, ձեր ներկայութեամբ առաւել եւս կ՚ոգեւորէք մեզ եւ ձեր քաջալերանքի խօսքերը կը մղեն որ մենք առաւել եռանդով ծառայենք մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն»։
Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր խօսքին մէջ գնահատեց եկեղեցոյ նախկին եւ այժմու հոգեւոր հովիւները, իրենց ծառայութեան համար եւ անոնց մաղթեց ծառայական կեանքին մէջ նորանոր յաջողութիւններ։ Գնահատեց նաեւ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը, Տիկնաց Յանձնախումբը, Սարկաւագները, Դպրաց դասի անդամները եւ բոլոր անոնք, որոնք իրենց աշխատանքով սատար կը հանդիսանան եկեղեցւոյ աշխատանքներու յաջողութեան։ Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Երբ տեսիլք կայ, հոն կայ գոյատեւում։ Եթէ 34 տարիներ այս համայնքը գոյատեւեց իր եկեղեցիով, Հայ Կեդրոնով եւ միութիւններով, այդ եղած է շնորհիւ իր անխոնջ ծառայողներու նուիրումին եւ զոհողութեան։ Շարունակեցէք նոյն նուիրումով ձեր ծառայութեան գոյերթը, ի խնդիր՝ մեր զաւակներու առողջ դաստիարակութեան եւ մեր արժէքներու սրբութիւններու պահպանման»։
Կիրակի առաւօտեան, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Ս. Եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ։