Annual CANAR Meeting

Screen Shot 2015-05-25 at 10.39.28 AMՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 57/14-րդ ժողովը տեղի ունենցաւ 22-23 Մայիս 2015-ի շաբաթավերջին, Ս. Նշան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան հիւրընկալութեամբ, Գէմպրիճ, Օնթարիոյի մէջ։

Ժողովը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին, եւ շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւնը, Իր խիզախ եւ աննախընթաց պահանջատիրութեան՝ Սիսի Կաթողիկոսարանի կալուածները իրենց իրաւատէրերուն վերադարձնելու համար։

Ժողովը նաեւ պաշտօնական նամակ յղեց Գանատայի Վարչապետ Նորին Վսեմութիւն Ստեֆըն Հարփըրին, շնորհակալութիւն յայտնելով անոր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին առթիւ իր ցուցաբերած շարունակական զօրակցութեան համար եւ Նորին Վսեմութիւնը պաշտօնապէս տեղեակ պահուեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի դատի ու անոր պահանջատիրութեան կապակցաբար, յուսալով որ Եւրոխորհուրդի բեմերէն ան կը ցուցաբերէ իր դրական կեցուածքը։

Գանատայի Ազգային 57/14-րդ Երեսփոխանական ժողովը, հանգամանօրէն անդրադարձաւ Թեմիս եկեղեցիներուն ազգային եւ եկեղեցական բազմակողմանի հարցերուն եւ գլխաւորաբար իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց, քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան, ազգային պահանջատիրութեան եւ մանաւանդ Գանատա ժամանող Սուրիոյ հայութեան մեր հարազատներու ամէնօրեայ օժանդակութեան գծով:

Այս առիթով, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովս անգամ մը եւս վերահաստատեց իր անվերապահ պատկանելիութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին ու անոր առաքելութեան։
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու ընտրութիւն՝ 2015-2016 տարեշրջանին համար։
Ի դիմաց Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին՝

ԴԻՒԱՆ
Գանատայի Հայոց Թեմի
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի
Գէմպրիճ, Օնաթրիոյ
23 Մայիս 2015



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us