17 Mar Abba Matias
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ ԵԹՈՎՊԻՈՅ ՈՒՂՂԱՓԱՌ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ
Երեքշաբթի, 10 Մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Թորոնթոյի “Ս. Աստուածածին” եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւի գրասենեակէն ներս, Տիրախնամ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեան անակնկալ հանդիպում մը ունեցաւ Գանատայի մէջ Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Ապպա Մաթիաս Տեսթա Եպս.ը, ընկերակցութեամբ Ապպա Հալիա Մարիամ Հայր Սուրբին։
Երկու Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը անդրադարձան Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն։ Ապպա Մաթիաս Եպիսկոպոսը Թեմակալ Առաջնորդէն խնդրեց Մոնթրէալի մէջ իրենց նոր կազմուող համայնքին օգտակար դառնալու։