
Օրակարգը կ’ընդգրկէր Առաջնորդ Սրբազան Հօր ողջոյնի խօսքը, որուն ընթացքին Խաժակ Արքեպիսկոպոս ըսաւ. «Հայեցի դաստիարակութիւնը սուր հարց դարձաց է Գանատայի գաղութին համար եւ եթէ զգոյշութեամբ չմօտենաք՝ կացութիւնը կրնայ մեծ վտանգ յառաջացնել …: Մեր աշխատանքով, մեր համայնքերէն եւ գաղութներէն ներս՝ ամէն մակարդակի վրայ, մեր կազմակերպական իսկական գոյութեան նպատակը տէր կանգնիլ է մեր սերունդներուն եւ ապագայ սերունդին: Եթէ այսքան ճիգ կը թափուի հիմնականին վրայ մեր աւանդութիւնները, հաւատքը եւ դիմագիծը պահելու համար է, ըսաւ Սրբազան Հայրը: Նպատակը այս է, պահել մեր ազգային ինքնատուութիւնն ու արժէքները եւ փոխանցել յաջորդ սերուներուն:
Ազգային Վարչութեան գործունէութեան ներկայացումը կատարեց պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան, Ատենապետ Ազգային Վարչութեան: Պրն. Տէր Ղազարեան յետադարձ ակնարկ մը կատարեց վերջին վեց ամիսներու ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն ու ապա կեդրոնացաւ յառաջիկայ ամիսներու ծրագիրներուն եւ նախաձերնութիւններուն մասին:
Այս տարուան սեմինարի կեդրոնական նիւթերը հանդիսացան հայեցի դաստիարակութեան ներկայ կացութիւնը եւ մարտահրաւէրներն ու հիմնահարցերը: Առաջին հերթին՝ «Հայեցի Դաստիարակութեան Մերօրեայ Մարտահրաւէրները» նիւթին զեկուցաբերն էր՝ տիկին Սոնիա Քիլէճեան Աճէմեան, ու ապա «Հայեցի Դաստիարակութիւնը՝ Ազգային Վարժարաններէն ներս – կարիքներ, մտահոգութիւններ եւ նախաձեռնութիւն-ներ» զեկուցեցին տիկին Լենա Գատեան, տնօրէնուհի, Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի եւ Փրոֆ. Արմէն Մարտիրոսեան, տնօրէն, ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի:
Համախմբումի վերջին օրակարգով հանդէս եկան Թեմիս բոլոր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները եւ զեկուցեցին իրենց իրավիճակին եւ ծրագիրներուն մասին:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր պահպանիչով փակուեցան օրուան օրակարգի նիւթերը:
no images were found

