ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 59/16-րդ ժողովը տեղի ունենցաւ 12-13 Մայիս 2017-ի շաբաթավերջին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան հիւրընկալութեամբ, Վանգուվըր, Պրիթիշ Գոլոմպիայի մէջ։
Ժողովը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին եւ վերահաստատեց իր անվերապահ կապուածութիւնը Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին ու անոր առաքելութեան։
Ժողովը պաշտօնական նամակ յղեց Գանատայի Վարչապետ Նորին Վսեմութիւն Ճասթըն Թրուտոյին, ուր շնորհաւորեց Գանատայի 150-ամեակը, շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ հայութեան ի նպաստ Գանատայի գաղթականական քաղաքականութեան համար եւ Հայաստանի ու Արցախի ի նպաստ աջակցութեան եւ ապահովութեան հարցով։
Գանատայի Ազգային 59/16-րդ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, հանգամանօրէն անդրադարձաւ Թեմիս եկեղեցիներուն ազգային եւ եկեղեցական բազմակողմանի հարցերուն եւ գլխաւորաբար իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց, քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան, Գանատայի 150-ամեակի տօնակատարութիւններուն, Մոնթրէալ քաղաքի 375-ամեակին, Թեմիս յառաջիկայ 10-ամեայ տեսլականին, Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմերու համագործակցութեան, հիմնուած յատկապէս՝ վերջին տարիներու հայութեան թուաճի տեսակէտէն։
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ ընտրութիւն։ 2017-2018 տարեշրջանի Կրօնական Ժողովի կազմի անդամներն են.-
Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան, ատենապետ
Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Գամայեան, ատենադպիր
Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան, խորհրդական
Ազգային Վարչութեան կազմի անդամներն են.-
Տիկին Ծովիկ Թերզեան, ատենապետ (Լաւալ)
Պրն. Յակոբ Պուլկարեան, ատենադպիր (Մոնթրէալ)
Պրն. Վարդավառ Փանոսեան, գանձապահ (Լաւալ)
Պրն. Յակոբ Ճանպազեան, փոխ ատենապետ (Թորոնթօ)
Պրն. Մայք Թիթիզեան, խորհրդական (Գէմպրիճ)
Տիկին Սեդա Մալխասեան, խորհրդական (Մոնթրէալ)
Տիկին Օսիկ Մխսիարթինեան, խորհրդական (Թորոնթօ)
Պրն. Լեւոն Պէնկեան, խորհրդական (Մոնթրէալ)
Յակոբ Տէր Յակոբեան, խորհրդական (Վանգուվըր)
Ի դիմաց ՝
Գանատայի Հայոց Թեմի
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին
Վանգուվըր, Պրիթիշ Գոլոմպիա
13 Մայիս 2017