Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդի
Մանուկներու Փառատօնը՝ աւարտեց Վեցերորդ տարին
Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակութեան Խուրհուրդի կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 18 Փետրուար 2017-ին, «ՀՄԸՄ Արամ Մարգարեան» Մարզասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Մանուկներու Փառատօնը՝ 4-12 տարեկան երեխաներուն եւ պատանիներուն համար:
Փառատօնի տաղաւարներուն եւ աշխատանքներուն թեմաները կը կեդրոնանային հայեցի ձեռային աշխատանքներու վրայ։
Հայեցի Դաստիարակութեան Խուրհուրդը մէկտեղ հաւաքած էր Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի համալիրէն ներս գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւները, ինչպէս՝ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւնը, Համազգայինը, Սուրբ Յակոբ Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցները, Ս. Գէորգ Կիրակնօրեայ դպրոցը եւ Հայ Օգնութեան Միութիւնը: