Բաբգէն Արքեպիսկոպոս
Ս. Ծնունդը դիմաւորեց Թորոնթոյի Համայնքին հետ
Յունուար 5-ին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, նախագահեց Ճրագալոյցի պատարագը եւ Յունուար 6-ին, Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Ս. Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Ծննդեան իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Ս. Ծննդեան տօնը՝ Աստուածայայտնութեան տօննէ։ Տօնը՝ Աստուծոյ եւ մարդուն հանդիպման։ Տօնը՝ վերականգման եւ վերանորոգման»։
Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր մաղթանքներուն ընդմէջէն յայտնեց՝ «Աստուածորդիին ծնունդը Ս. Կոյսէն, իւրաքանչիւր հայու համար թող ըլլայ ճշմարտութեան եւ յաւերժութեան ճանապարհ»։
Շնորհաբեր Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ։