Գանատայի Հայոց Թեմի Դպրաց Դասերու
Տարեկան Համագումար Մոնթրէալի մէջ
Շաբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2016-ին, Հովանաւորութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին, տեղի ունեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի եկեղեցիներու դպրաց դասերու տարեկան համագումարը, հիւրընկալութեամբ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան։
Համագումարի բացումը կատարեց Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան, Համադրիչ՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդի, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով կատարուեցաւ համագումարի պաշտօնական բացումը։ Բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան՝ Հոգեւոր Հովիւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ։
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հօր խնդրանքով եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի տնօրինումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան ժամանած էր Գանատա, որպէս օրուան դասախօս եւ կատարելու շարականներու բացատրութիւնն ու ուսուցումը։
Օրակարգին մաս կը կազմէր հետեւեալ նիւթերը.- Խորհրդածութիւն «Սէրը Պայման Ծառայութեան» մասին, որ կատարեց Վարդան Վարդապետ, իսկ Գարեգին Վարդապետ կատարեց «Ամէն եւ ընդ Հոգւոյդ Քում» եւ «Յայս Յարկ Նուիրանաց» շարականներու բացատրութիւնն ու ուսուցումը, ինչպէս նաեւ դասախօսութիւն՝ «Հայ Եկեղեցւոյ Երաժշտութիւնը» նիւթին մասին։ Օրուան խորհրդածութեան եւ դասախօսութեան աւարտին, դպրաց դասի անդամները հարցումներ ուղեցին Վարդապետներուն։
Համախմբումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Թեմիս բոլոր Դպրաց Դասերը, որոնք մասնակցեցան նաեւ Կիրակնամուտքի ժամերգութեան Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Ժամերգութեան նախագահեց եւ այդ առիթով օրուան պատգամը փոխանցեց՝ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս, որ բարձրօրէն գնահատեց դպրաց դասի անդամները անխտիր եւ ըսաւ հաւատարիմ մնացէք ձեզի համար այս փոքր ծառայութեան մէջ, որ ինքնին հայ եկեղեցւոյ համար մեծ նշանակութիւն ունի։ Ձեր յարատեւ մասնակցութիւնը տարբեր փայլք կու տայ կիրակնօրեայ մեր պատարագներուն, որովհետեւ որքան գեղեցիկ երգեցողութիւն կատարուի՝ պատարագը այնքան գրաւիչ ու ներշնչից կը դառնայ հաւացատեալներուն։
Կիրակի, 23 Հոկտեմբեր 2016-ին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, միացեալ դպրաց դասերը պիտի երգեն Ս. Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։
Under the auspices of His Eminence Archbishop Papken Tcharian, the Prelacy annual church choir gathering organized by Armenian Religious Education Council took place on Saturday, October 22nd in Montreal. Special guest speaker of the gathering was Very Rev. Father Karekin Shekherdemian from Antelias, Lebanon.