Screen Shot 2015-05-25 at 10.39.28 AMՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

 

Սիրելի աշակերտ եւ աշակերտուհիներ,

Քրիստոնէական ամենաջերմ սիրով կ՚ողջունեմ եւ իմ սրտի խօսքը կը փոխանցեմ ձեզ 2016-2017 դպրոցական վերամուտին առիթով։

Դպրոցներու վերամուտը տօնական առիթ մըն է իւրաքանչիւրիս համար, անկախ տարիքէն ու սէրէն, ըլլանք աշակերտ թ՛է ուսուցիչ, տնօրէն կամ պատասխանատու, ծնողք կամ բարերար։

Ամառնային արձակուրդը իր աւարտին հասաւ։ Դարձեալ պէտք է լծուիլ աշխատանքի, ժամանակը օգտագործելու, լեցնելու եւ արժեւորելու համար։

Ահաւասիկ, նոր սկիզբ… նոր տարեշրջան։ Եղէք իսկական աշակերտներ, աշխատասէր, հնազանդ ու կարգապահ։

Հայ Դպրոցը Ձեր հարազատ տունն է, այն առողջ միջավայրն է, ուր դուք հասակ կ՚առնէք, կը մեծնաք, կը թրծուիք հայեցի շունչով եւ կը հարստանաք մեր ազգի անժամանցելի գանձերով՝ հայոց լեզուվ ու պատմութեամբ։

Հայ Դպրոցը այն միակ դարբնոցն է, որ նիւթը հոգիի կը վերածէ ու կը ներշնչէ ձեզ դառնալու հայրենասէր ու ազգասէր աշակերտներ, թ՛է դպրոցը կեանքի մէջ եւ թ՛է ձեր ընտանեկան յարկերէն ներս ու միաժամանակ միութիւններու եւ հայ կեդրոններուն մէջ։

Ժամանակը մի վատնէք, ժամանակը ձեր նուաճումներով ու յաջողութիւններով յաղթեցէք։ Մի բաւարարուիք միայն գիտութեամբ հարստանալու, այլ մանաւանդ հետամուտ եղէք, տէրը ու պաշտպանը դառնալու՝ մեր ազգային-եկեղեցական սրբութիւններուն եւ արժէքներուն, որոնցմով միայն կ՚ունենանք երաշխիքը մեր ժողովուրդի յարատեւ գոյատեւման։

Վստահ եմ որ այս գիտակցութեամբ պիտի մտնէք դասարան, ուրախութեամբ եւ ժպիտով պիտի սորվիք ձեր դասերը։ Մենք ձեզմով պիտի ուրախանանք եւ փառք պիտի տանք Աստուծոյ, որ նման աշակերտներ, նման նոր սերունդ ունինք, որոնցմով աւելի ապահով պիտի զգանք եւ պիտի ունենանք յոյսը ունենալով վաղուան մեր ազգի արդար իրաւունքներուն վերատիրացման եւ յարատեւ գոյատեւման։

Կը շնորհաւորեմ նոր տարեմուտը բոլորիդ՝ մանկամսուրէն մինչեւ երկրորդականի աշակերտ-աշակերտուհիներ։

Այս առիթով, կը շնորհաւորեմ նաեւ համալսարան մուտք գործող նորամուտ ուսանողները եւ իրենց կը մաղթեմ յաջողութիւն oորպէսզի աւելի բարձր վկայականներու արժանանալուն մաղթանքով։

Կը շնորհաւորեմ նաեւ դպրոցներու կրթական մարմնի անդամները, տնօրէնները, ուսուցչական կազմերը, ծնողական յանձնախումբերը, բարերարները եւ բոլոր այն անձանց, որոնք անվերապահօրէն զօրավիգ են ու կը սատարեն հայ դպրոցի աշխատանքներուն։

 

Անփորձանք եւ օրհնաբեր տարի մը կը մաղթեմ ձեր բոլորին։

Ձեզ սիրող եւ Ձեզ համար միշտ աղօթող՝

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի

ARM_4879 ARM_4895 ARM_4941 ARM_4948