
Առաջնորդ Սրբազան Հայրերու հանդիպումը եղաւ ծանօթացման առիթ մը, ուր անոնք խօսեցան ապագայի համագործակցութեան մասին, հիմնուած փոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքի վրայ։
Առաջնորդները ծրագրեցին յաճախակի հանդիպումներ գումարել եւ մէկ կեցուածք ցուցաբերել, յատկապէս եկեղեցական տարբեր հարցերու հետ առնչուած որոշումներու մասին։

