«Հրաշափառ»ի Արարողութիւն

10 Յունիս 2016-ի երեկոյեան, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն։

ՀՄԸՄ-ի «Կամք» մասնաճիւղի փողերախումբն ու սկաուտները ընկերակցեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Սուրէն Արքեպիսկոպոսին, հոգեւորականաց դասուն եւ Ազգային Վարչութեան՝ դէպի եկեղեցւոյ գաւիթ, ուր տեղի ունեցաւ հաց ու աղի աւանդական օրհնութիւն։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերյարգելի Տ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեան, Հայ Աւետարանական Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Վերապատուելի Յովհաննէս Սվաճեան, ինչպէս նաեւ, Գործակից բոլոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներն ու Հայաստան Հիմնադրամի ատենապետ՝ Թովմաս Ֆրունճեան։

Արարողութեան աւարտին, Գերաշնորհ՝ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեան նորընտիր Առաջնորդը ներկայացուց հաւատցեալ ժողովուրդին եւ Առաջնորդական Ասան յանձնեց Բաբգէն Արքեպիսկոպոսին, անոր մաղթելով ծաղկեալ գործունէութիւն Գանատայի Հայոց Թեմէն ներս։

Թեմիս նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան, ժողովուրդին փոխանցած իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Փառք ու գոհութիւն Աստուծոյ որ իմ քայլերս առաջնորդեց դէպի ծառայութիւն։ Շնորհակալութիւն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որուն տնօրինումներով եւ յորդորներով կ՚առաջնորդուինք։ Եղբայրական իր երախտագիտութիւնը փոխանց

եց Թեմիս նախկին Առաջնորդներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին, որ իր տկար անձին վստահեցան Առաջնորդի այս պաշտօնը։»

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ յիշեց Հայաստանն ու Արցախը եւ Ազգային բանակը։ Սուրիահայութիւնն ու անոր տարիներու տագնապը։ Կեդրոնացաւ Ազգային, հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան վրայ, յիշեց երիտասարդները որոնք ներկան ու ապագան են մեր ազգին եւ տարեցները որոնց օրհնութիւն պէտք է անպակաս ըլլայ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը 12 Յունիս 2016-ին պիտի քարոզէ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

On the eve of June 10th, the Homenetmen fanfare and scouts escorted Archbishop Papken Tcharian, along with the clergy and the Executive Council, to St. Hagop Armenian Apostolic church. Upon his entry to church, His Eminence was presented by the bread and salt for the blessing, as a traditional gesture of welcoming him to the community, which was followed by the “Hrashapar,” a brig prayer service.

Present at the ceremony were Monseigneur Kevork Zabarian, representing the Armenian Catholic church in Canada, and Very Reverend Hovhannes Svadjian, representing the Armenian Evangelical church in Canada.

Following his welcoming speech, Archbishop Kataroyan handed the “Assa” (Sceptre) over to the newly elected Prelate, Archbishop Tcharian, as a token of successful leadership and service to the Armenian community in Canada.

In his inaugural welcoming remarks, H.E. Archbishop Tcharian addressed the Armenian clergy present, acknowledged the presence of the representatives of all the Armenian organizations, and thanked the faithful for honouring him with their attendance, and expressed his heartfelt love for them and his profound commitment to serving them for the years to come.