Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեան
Հայրապետական Ներկայացուցիչ Գանատայի Հայոց Թեմին Մասնակցեցաւ Պահանջատիրական Հաւաքին եւ Քայլարշաւին
24 Ապրիլ 2016-ին, Թորոնթոյէն, Գէմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն, Համիլթընէն, Սէնթ Գաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանած էին աւելի քան 4000 հայորդիներ, որոնք Գանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը: Հաւաքն ու քայլարշաւը դէպի Թրքական Դեսպանատուն կազմակերպուած էին Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային Յանձնախումբին կողմէ։
Առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն այցելեցեցին Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեան՝ Հայրապետական Ներկայացուցիչ Գանատայի Հայոց Թեմին եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու ներկայացուցիչները, որոնք Դեսպան Արմէն Եգանեանի հետ, դեսպանատան «Յաւերժական Հայաստան» յուշարձանին մօտ աղօթքով ոգեկոչեցին Մեծ Եղեռնի 100-ամեակը:
17 Ապրիլ 2016-ին, Հայրապետական Ներկայացուցիչն ու Ազգային Վարչութեան անդամները ներկայ գտնուեցան Թորոնթոյի մէջ կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հանդիսութեան։