Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Թեմիս Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, հոգեւորականաց դասը եւ ժողովականները խոր վիշտով կը գուժեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի կարգի շքանշանակիր, Գանատայի Հայոց Թեմի հիմնադրութեան գործադիր մարմնի ատենապետ, ազգային երեսփոխան, հոգաբարձու եւ հասարակական գործիչ՝ Եդուարդ Ֆրունճեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 29 Օգոստոս 2026-ին, Մոնթրէալի մէջ։
Գանատայի Հայոց Թեմի մեծ ընտանիքը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի տիկնոջ՝ Մարօ Ֆրունճեանին, զաւակին՝ Ռաֆֆի Ֆրունճեանին եւ հարազատներուն՝ հայցելով Ամենակալ Աստուծմէ, որ Եդուարդ Ֆրունճեանի հոգին արժանացնէ երկնային լուսեղէն օթեւաններուն եւ Սուրբ Հոգիի մխիթարութիւնը պարգեւէ սգակիր ընտանիքին։
ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՅՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ


