Կիրակի, 19 Յուլիս 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, իր քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 42-րդ, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 20-րդ եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդութեան 10-րդ ամեակներուն առիթով, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։

 

Առաջնորդ Սրբազան Հօր սպասարկեցին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Գիւսպէկեան եւ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան։

 

Սուրբ Պատարագին ներկայ էին՝ Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալգլըճեան, Առաջնորդի Օգնական՝ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան, Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեան, Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկ. Ծովիկ Թէրզեան, Ազգային Վարչութեան անդամները, եկեղեցւոյ երեսփոխաններն ու հոգաբարձութիւնը, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ հաւատացեալներ։

 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին բնաբան ընտրած էր Պօղոս Առաքեալի խօսքը. «Ով որ կը պարծենայ, թող Տիրոջմով պարծենայ» (Ա. Կրնթ. 1.31)։

 

Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ այս աւետարանական ճշմարտութիւնը մեր քրիստոնէական հաւատքի առանցքն է։ Ան ընդգծեց, որ մեր անձնական կեանքին, ընտանիքներուն, համայնքային կեանքին, հայրենիքին, մեր հաստատութիւններուն եւ, մանաւանդ, Սուրբ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ Քրիստոս պէտք է ըլլայ կեդրոնական ներկայութիւնը։ Մարդկային արժանիքներով կամ նուաճումներով պարծենալու փոխարէն, հաւատացեալը կոչուած է իր ամբողջ կեանքը հիմնաւորելու Քրիստոսի վրայ եւ միայն Տիրոջմով պարծենալու։

 

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն յետոյ, թափօրով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջնորդուեցաւ Հայ Կեդրոնի սրահ, ուր կազմակերպուած էր ընդունելութիւն՝ ի պատիւ իր յոբելեաններուն։

 

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյ ատենապետ՝ Բրշ. Կարօ Սրկ. Սարգիսեան, որ իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ նշեց, թէ Սրբազան Հօր երեք յոբելեանները պարզ թուականներ չեն, այլ կենդանի վկայութիւններ՝ հաւատարիմ ծառայութեան, անսասան առաջնորդութեան եւ Քրիստոսի, Սուրբ Եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին հանդէպ անվերապահ նուիրումի։ Ան նաեւ ընդգծեց, որ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան իր ամբողջ ծառայութեան ընթացքին մարմնաւորած է ճշմարիտ հովուական առաջնորդութիւնը՝ խոնարհութեամբ, իմաստութեամբ եւ հայրական սիրով առաջնորդելով ու մխիթարելով հաւատացեալները, հաւատարիմ մնալով Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելական աւանդութեան։

 

«Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութենէն յետոյ, «Պահպանիչ» աղօթքով Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան իր հայրական օրհնութիւնը բաշխեց ներկաներուն։

 

Այնուհետեւ հաւատացեալները մօտեցան՝ կատարելու աջահամբոյր եւ իրենց սրտագին շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները յայտնելու յոբելեար Առաջնորդ Սրբազան Հօր։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ