Կիրակի, 12 Յուլիս 2026-ին, Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ուր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին Սուրբ Խորանին սպասարկեցին Առաջնորդի Օգնական՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանը եւ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեանը։
Արարողութեան ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամները, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներն ու երեսփոխանները։
Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Այլակերպութեան տօնի հոգեւոր պատգամին՝ շեշտելով, որ այսօրուան մարդն ալ կարիքը ունի իր «Թափօր լերան», ուր կրնայ հեռանալ աշխարհի աղմուկէն եւ վերանորոգուիլ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ։
Բաբգէն Արքեպպիսկոպոս ըսաւ. «Այսօր մենք եւս կարիքը ունինք մեր Թափօր լերան։ Այդ լեռը այն վայրն է, ուր մարդը կը բարձրանայ՝ ներքնապէս պայծառակերպուելու եւ այլակերպուելու, մեղքէն, չարէն եւ չարիքէն հեռանալու համար։ Մեզի համար այդ Թափօր լեռը Սուրբ Եկեղեցին է։ Ամէն անգամ, երբ հաւատքով կը մտնենք Աստուծոյ տունը, կը լուսաւորուինք Աստուծոյ ներկայութեամբ, կը նորոգենք մեր հոգին եւ ուժ կը ստանանք վերափոխելու մեր կեանքը։ Այլակերպութիւնը մեզ կը յիշեցնէ, թէ Աստուած Իր աստուածային փառքը կը յայտնէ մարդուն, որպէսզի զայն առաջնորդէ դէպի սրբութիւն։ Աղօթքով, հաւատքով եւ Եկեղեցւոյ կեանքին մասնակցելով մարդը կը մօտենայ Աստուծոյ եւ կը դառնայ Իր լոյսին ու շնորհքին մասնակից»։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

















