Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, Թեմիս Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը կը գուժեն վաղաժամ կորուստը՝ Ազգային Երեսփոխան եւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ նախկին հոգաբարձու՝ Բարշ. Սագօ Սրկ. Եաղճեանի դստեր՝ Փոքրիկն Լենիա Եաղճեանի, որ պատահեցաւ, Կիրակի, 28 Յունիս 2026-ին:
Այս տխուր առիթով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Փոքրիկն Լենիայի ծնողքին՝ Բարշ. Սագօ Սրկ. Եւ Արազ Եաղճեաններուն, ինչպէս նաեւ Եաղճեան եւ Տէօքմէճեան ընտանիքներուն։
Թող Աստուած լուսաւորէ փոքրիկն Լենիայի հոգին, զինք ընդունի երկնային հրեշտակներու դասին մէջ եւ իր ծնողքին ու հարազատներուն համբերութիւն ու մխիթարութիւն պարգեւէ։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ


