Մոնթրէալաբնակ բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեաններ գոհունակ սրտով յանձն առին հովանաւորել Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի Քահանայական Ձեռնադրութեան եւ Օծման 42-րդ, Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութեան եւ Օծման 20-րդ եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդութեան 10-րդ ամեակներու նուիրուած Քեպէգի ձեռնարկները։

 

ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

 

Ուրբաթ, 10 Յուլիս 2026

 

ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԸՆԹՐԻՔ GALA

 

Շաբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2026

 

«Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ» (Բ. Կր 9:7)։

 

Այս առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան բարձր կը գնահատէ Զաքարեան ամոլի առատաձեռն նուիրատուութիւնը եւ կը մաղթէ, որ Ամենակալին օրհնառատ բարիքները անպակաս ըլլան Զաքարեան ընտանիքէն։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ