Յարուցեալ Քրիստոս, նախքան երկինք համբառնալը, Իր ձեռքերը աշակերտներուն վրայ դրաւ եւ օրհնեց զանոնք։ Անոնց մտքերը պայծառացուց, որպէսզի ամբողջապէս քարոզիչները դառնան ճշմարիտ Բանին, եւ պատուիրեց մնալ Երուսաղէմի մէջ՝ սպասելով երկնային աւետիսին, զոր Հայրը խոստացած էր։ Այդ սպասումը՝ հաւատքով, աղօթքով եւ յոյսով լեցուն պատրաստութիւն մը եղաւ։

 

Եւ ահա Պէնտէկոստէի օրը՝ մեր Տիրոջ Յարութեան յիսուներորդ օրը, Սուրբ Հոգին հրեղէն լեզուներու նման իջաւ առաքեալներուն վրայ եւ անոնց աստուածային զօրութեամբ լեցուց, եւ անոնք դարձան քաջ վկաները Քրիստոսի փրկարար ճշմարտութեան։

 

Այսօր եւս նոյն Սուրբ Հոգին կը գործէ մեր եկեղեցիներուն մէջ։ Սուրբ Հոգին կը մխիթարէ, կը զօրացնէ եւ կը նորոգէ մեզ։ Սուրբ Հոգին աստուածգիտութեան լոյսով կը ողողէ մեզի, որպէսզի ապրինք Իր պատուիրաններուն համաձայն խոր հաւատքով։

 

Թող Սուրբ Հոգին իջնէ եւ բնակութիւն հաստատէ մեր սրտերուն մէջ, մխիթարէ մեզ եւ աստուածգիտութեան լոյսով առաջնորդէ մեր քայլերը։

 

Եկէ՛ք վերանորոգենք մեր հաւատքը Հոգեգալստեան սուրբ խորհուրդով եւ դառնանք Քրիստոսի սիրոյ ու խաղաղութեան ճշմարիտ վկաները։

 

Աղօթարար՝

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ