Յիսուս Քրիստոսի խաչելութենէն ետք, երբ տակաւին աշակերտները յուսահատ էին, Տիրոջ Յարութիւնըկեանքի եւ յոյսի նոր արշալոյս մը բացաւ իրենց սրտերուն մէջ։ Անոնք ականատես ու ականջալուր եղանիրենց վարդապետին, զգացին անոր ներկայութիւնը։ Եւ ի վերջոյ Ս. Յարութենէն քառասուն օր ետք, Բեթանիայի լերան վրայ, Յարուցեալ Քրիստոս Իր աշակերտներուն Իր վերջին պատգամը փոխանցեց եւապա՝ երկինք համբարձաւ։

 

Երկինք համբարձաւ, ոչ թէ մարդէն հեռանալու, այլ՝ մարդը բարձրացնելու եւ Աստուծոյ մօտեցնելու։

 

Երկինք համբարձաւ, որպէսզի ցոյց տայ մարդուն այն ճամբան որ Ինք խոստացաւ․ «Կ’երթամ ձեզի տեղպատրաստելու… որպէսզի ուր Ես եմ, դուք ալ այնտեղ ըլլաք»։

 

Եկէ՛ք Համբարձման տօնին առիթով մեր հայեացքները դէպի վեր՝ երկինք բարձրացնենք։

 

Թող Համբարձեալ Քրիստոս մեզմէ իւրաքանչիւրին պարգեւէ յոյս՝ յուսահատութեան մէջ, լոյս՝ խաւարինմէջ եւ խաղաղութիւն՝ կեանքի փոթորիկներու դիմաց։

 

Աղօթարար՝

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի