Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 69/26-րդ ժողովը գումարուեցաւ 1-2 Մայիս 2026-ին, Գէմպրիճի մէջ, հիւրընկալութեամբ՝ Ս. Նշան Եկեղեցւոյ, նախագահութեամբ՝ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեանի։
Ժողովին մասնակցեցան՝ Թեմիս հոգեւորական եւ աշխարհական երեսփոխաններ, ԱզգայինԿեդրոնական Վարչութեան, Կրօնական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան անդամներ եւՀոգաբարձութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալներ՝ ՀՅԴ Գանատայի ԿեդրոնականԿոմիտէի, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, Համազգային Գանատայի ՇրջանայինՎարչութեան, ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, ՀՅԴ ԳՊՄ Ընդհանուր Վարիչ Մարմնիներկայացուցիչները։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ժողովի բացումըաղօթքով կատարելէ ետք, ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին յղած ՕրհնութեանԳիրը եւ ապա փոխանցեց իր ողջոյնի խօսքը։
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Դիւանի անդամ ընտրուեցան՝ Տիար Գրիգոր Շիթիլեան(ատենապետ), Տիար Գրիգոր Տէր Ղազարեան (ատենապետ), Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ ՎարդապետԵագուպեան (ատենադպիր) եւ Տիկին Հուրի Նաճարեան (ատենադպիր)։
Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 69/26-րդ Ժողովը վերահաստատեց իրհաւատարմութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ անոր արժանընտիր գահակալին՝Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մաղթելով Սուրբ Աթոռոյս անսասանութիւն եւ ՀայոցՀայրապետին ընդ երկար գահակալութիւն։
Ժողովը բարձր գնահատեց Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեանի առաջնորդական 10-ամեայ ծառայութիւնը եւ յատկապէս շնորհաւորեցԵպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման 20-ամեակը ու քահանայական ծառայութեան 42-ամեակը։
Ժողովը գերազանցօրէն գնահատեց Թեմիս գործադիր մարմիններու՝ Կրօնական Ժողովի ու ԱզգայինՎարչութեան միամեայ բեղուն գործունէութիւնը, յատկապէս՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան, Հայեցի Դաստիարակութեան, Ուսումնագիտական եւ մարդասիրական աշխատանքներու ծիրէն ներս։
Ժողովս յատուկ կերպով իր գնահատանքը յայտնեց նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի կողմէհովանաւորուած Թորոնթոյի Tyndale Համալսարանի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութեան եւԱստուածաբանութեան դասընթացքի յաջող գործընթացին։
Ժողովս մտահոգութիւն յայտնեց, այս օրերուն Միջին-Արեւելքէն ներս տիրող պատերազմական, տնտեսական եւ քաղաքական տագնապներուն, յատկապէս հայ համայնքներու դիմագրաւածմարտահրաւէրներուն եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց։
Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը խիստ դատապարտեց Հայրենիքիներկայ իշխանութիւններու կողմէ տարուած ապազգային եւ անհիմն պայքարը Հայ ԱռաքելականԵկեղեցւոյ ու հայ եկեղեցականներու դէմ:
Ինչպէս նաեւ խիստ դատապարտեց Իշխանութեան լռութիւնն ու անտարբերութիւնը Ատրպէյճանի կողմէիրարկուած Արցախի մէջ մշակութային կոթողներու եւ ազգային ու կրօնական արժէքներու կործանմանարարքին նկատմամբ եւ անվերապահօրէն պահանջեց հայ քաղաքական բանտարկեալներու ազատարձակումը։
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ լրացուցիչ ընտրութիւններ Կրօնական Ժողովի եւ ԱզգայինՎարչութեան։
ԴԻՒԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ 69/26-ՐԴ ԺՈՂՈՎԻ

