Կիրակի, 29 Մարտ 2026-ին, Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին ի յիշատակ, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը հանդիսաւորապէս մատուցուեց՝Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան։

 

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին սուրբ խորանին սպասարկեցին Սուրբ Աստուածածին ԵկեղեցւոյՀոգեւոր Տեսուչ՝ Գերապատիւ Տ. Գարեգին Ծ. Վարդապետ Շխրտմեանը եւ Հոգեւոր Հովիւ՝Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանը։

 

Սուրբ Պատարագին աղօթակից էր նաեւ, Առաջնորդի Օգնական՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ ՎարդապետԵագուպեանը։

 

Ս. Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ «Մեղրիկ Բարիքեան» կրտսերացդպրաց դասը՝ խմբավարութեամբ Տիկ. Հիլտա Գանտահարեանի։

 

Իր հայրական պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին՝հրաւիրելով հաւատացեալները իրենց սրտերուն դռները բանալու Քրիստոսի առջեւ, որպէսզի Ան մտնէ, փոխակերպէ եւ Իր աստուածային սիրով լեցնէ։

 

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս շեշտեց, որ Ծաղկազարդը նաեւ մանուկներու տօնն է. այն մանուկներուն, որոնքիրենց ծնողներուն հետ եկած են թափօր կազմելու Տիրոջ համար։ Ուստի, կոչ ուղղեց բոլորին՝ նմանելումանուկներուն՝ ըլլալու անկեղծ, անմեղ, սուրբ եւ բարի, եւ այդ հոգիով դիմաւորելու Տէրը՝ նորոգուածհաւատքով, ամրապնդուած սիրով եւ ներշնչուած հոգեւոր զօրութեամբ։

 

Պատարագի աւարտին կազմուեցաւ թափօրը, ուր ներկայ բազմութիւնը, իրենց փոքրիկներով հանդերձ, մասնակցեցան իբրեւ խորհրդանիշ Երուսաղէմի մէջ Տիրոջ դիմաւորման թափօրին։ Իսկ աւարտին, եկեղեցւոյ մուտքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց բոլոր մանուկները մանուկները։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ