Ծաղկազարդի տօնն է։

 

Յիսուս Քրիստոս յաղթական մուտք կը գործէ Երուսաղէմ։ Ժողովուրդը՝ մանուկներ, երիտասարդներ, կանայք, տարեցներ, մեծ ցնծութեամբ կը դիմաւորեն աղաղակելով. «Ովսաննա՜ Բարձրեալին, օրհնեա՜լ էԱն, որ կու գայ Տիրոջ անունով» (Մտ 21.9)։

 

Ձիթենիի ճիւղեր, արմաւենիի ոստեր, փռուած հանդերձներ…, թագաւորական ընդունելութիւն մըն էր։

 

Այո, թագաւորն էր եկողը, բայց ոչ իրենց սպասած թագաւորը, այլ Տէրն էր եկողը, ոչ թէ իշխանութիւնըհաստատելու, այլ՝ ծառայելու, որովհետեւ. «Մարդու Որդին չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու, այլծառայելու» (Մտ 20.28)։

 

Յիսուս Քրիստոս ի նշան խոնարհութեան, աւանակի մը վրայ նստած մուտք գործեց Երուսաղէմ, յեղաշրջելու՝ փառք, դիրք եւ ուժ փնտռող մարդուն մտածելակերպը, որ ճշմարիտ մեծութիւնըծառայութեան ու խոնարհութեան մէջ է։

 

Ծաղկազարդը կը յիշեցնէ մեզի, որ Քրիստոսի տանող ճանապարհը, դէպի Գողգոթայ՝ Խաչ կը տանի։

 

Այսօր, Քրիստոս ձիթենեաց ճիւղեր, արմաւենեաց ոստեր եւ «ովսաննա» աղաղակողներ չի փնտռեր, այլկը փնռէ ու կը թակէ բոլոր այն սրտերը, որոնք փակած են իրենց դռները։

 

Պատրա՞ստ ենք բանալու մեր փակ սրտերը, ընդունելու զԻնք ճշմարիտ ովսաննաներով, որպէս մերկեանքի յաւիտենական թագաւորը։

 

ԲԱՐԻ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

 

Աղօթարար՝

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի