Այս անունը պատահական չէ։ Աստուածաշնչական ընթերցումները մեզի կըյիշեցնեն երկու մեծճշմարտութիւններ. առաջինը՝ Յիսուս Քրիստոսի առաջին գալուստը՝ մարդեղացումը,
եւ երկրորդը՝ Իր փառաւոր երկրորդ գալուստը։
Որպէս քրիստոնեայ հաւատացեալներ սպասողներ պէտք է ըլլանք, բայց ոչ թէ անտարբեր սպասող ,այլ՝արթուն եւ պատրաստ սպասողներ։
Մեծ Պահոց կիրակիները մեզի համար դարձան հոգեւոր վերելքի ճանապարհ, պատրաստուելու ոչմիայն Սուրբ Յարութեան Հրաշափառ Յաղթանակի տօնին, այլեւ՝ մնայուն հանդիպումին մեր ՏիրոջՅիսուս Քրիստոսի։
Հետեւաբար չհարցնենք երբեք, թէ «ե՞րբ պիտի գայ Տէրը»։
Այլ հարց տանք մենք մեզի «ՄԵՆՔ ՊԱՏՐԱ՞ՍՏ ԵՆՔ» հանդիպելու։
Աղօթարար՝
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի

