Ս. Յարութենէն յետոյ երկրորդ կիրակին՝ Կանաչ կամ Աշխարհամատրան Կիրակին, մեզ կը վերադարձնէքրիստոնէական կեանքի ակունքներուն։ Ան մեզ կը յիշեցնէ Սիոնի վերնատունը՝ ուր հիմնուեցաւ առաջինեկեղեցին՝ Աշխարհամատուռը, աշխարհի առաջին աղօթավայրը։

 

Պատահական չէ որ այս կիրակին կը կոչուի նաեւ Կանաչ Կիրակի։ Ինչպէս բնութիւնը գարնան մէջ կըծաղկի ու կը վերակենդանանայ, նոյնպէս Քրիստոսի Յարութեամբ նոր կեանք կը սկսի մարդուն մէջ։

 

Աշխարհամատուռը եղաւ այն առաջին կանաչ ծիլը, որ Քրիստոս ցանեց աշխարհին մէջ։ Այդ փոքրսկիզբը աճեցաւ, ծաղկեցաւ ու տարածուեցաւ եւ դարձաւ Ընդհանրական Եկեղեցի։

 

Քրիստոսով կեանքը մշտադալար է։

 

Թող մեր սրտերը դառնան նոր վերնատուներ։

 

Մեր հաւատքը՝ ծլարցակուող ու աճող եւ մեր կեանքը՝ մշտադալար, այսինքն՝ Յարութեան զօրութեամբլեցուն։

 

Աղօթարար՝

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի