Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, Կիրակի, 5 Ապրիլ 2026-ին, ԳանատայիՀայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Սուրբ եւ ԱնմահՊատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյմէջ։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին, Սուրբ Խորանին սպասարկեց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Մեծ Պահքի քառասնօրեայ հոգեւորճամբորդութեան ընթացքին մենք անցանք անդրադարձի, զղջման եւ ապաշխարութեան ուղիով՝վերագտնելու համար մեր մէջ խաթարուած աստուածային պատկերը։ Սակայն մարդկային կեանքինմէջ յաճախ կը կանգնինք մեր “գերեզմաններուն” առջեւ՝ տառապանքներով, կորուստներով եւյուսահատութեամբ, հարց տալով՝ ո՞ւր է Աստուած։
Բայց Քրիստոսի Յարութիւնը կը յայտարարէ մեծագոյն ճշմարտութիւնը՝ որ խաւարը վերջնական չէ։Գերեզմանի քարը գլորուած է, եւ կեանքը յաղթած է մահուան։ Այս յաւիտենական աւետիսը կը նորոգէմեր հաւատքը, կը զօրացնէ մեր յոյսը եւ կը հրաւիրէ մեզ դառնալու սիրոյ, խաղաղութեան եւ լոյսիվկաներ։
«Մի՛ վախնար, միայն հաւատա»՝ Յարուցեալ Փրկչին այս ձայնը կը հնչէ այսօր եւս մեր կեանքին մէջ՝յիշեցնելով, որ մահը պարտուած է, սէրը յաղթանակած է, եւ նոր կեանքի դռները բացուած են բոլորինառջեւ»։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ










