Աւագ Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, նախագահեց Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Տասը Կուսանացիարարողութիւնը։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էին, Առաջնորդի Օգնական՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ ՎարդապետԵագուպեանն ու Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեանը։
Երեկոյեան ժամերգութեան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին, ինչպէս նաեւ Ս. Գրայինընթերցումները կատարեցին, Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ «Կաքաւիկ» Երգչախումբի եւ Կիրակնօրեայդպրոցի անդամուհիները։
«Տասը կոյսերու առակը մեզ կը յիշեցնէ, թէ քրիստոնէական կեանքը սպասում չէ միայն, այլ արթուն եւպատրաստ ապրում։ Իմաստունները իրենց լապտերները վառ պահեցին՝ որովհետեւ պատրաստ էին, մինչ յիմարները ուշացան՝ որովհետեւ յետաձգեցին։ Նոյնպէս եւ մենք, եթէ այսօր չպատրաստուինք, կրնանք կանգնիլ փակ դռան առջեւ։ Հետեւաբար, կոչուած ենք ապրելու արթուն հաւատքով, միշտպատրաստ՝ դիմաւորելու Տէրը եւ արժանանալու երկնային հարսնարանին», ըսաւ ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի











