Մեծ պահոց հինգերորդ Կիրակի՝ Դատաւորի Կիրակի։
Յարատեւ աղօթեցէք կը պատգամէ այս կիրակի օրուան խորհուրդը։
Եթէ անիրաւ դատաւորը, որ ոչ Աստուծմէ կը վախնար եւ ոչ ալ մարդոցմէ կ՚ամջնար ի վերջոյ լսեց այրիկնոջ դատը, ապա որքա՜ն մեր երկնաւոր հայրը՝ Արդար Դատաւորը միթէ պիտի չլսէ՞ մեր աղօթքը, մերխնդրանքը, մեր աղաչանքը։
Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի։
Բախեցէք եւ պիտի բացուի։
Յարատեւ աղօթքով, սրտբաց եւ անկեղծ յարաբերութեամբ շահինք վստահութինը մեր Տիրոջ եւ վստահըլլանք որ կը լսէ մեզ, կը կատարէ մեր խնդրանքները եթէ բարի է եւ օգտակար։
Արդար դատաւորը միշտ մեր կողքին է եթէ մենք մօտենանք իրեն եւ ներկայացնենք մեր դատը։
Յարատեւ աղօթենք առանց ձանձրանալու, անդադար աղօթենք։
Աղօթարար՝
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի


