8 Մարտ` միջազգային կանանց օր։
Կինը՝ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած պատկերն է գեղեցկութեան։
Կինը՝ օգնականն է եւ զօրավիգը մարդուն։
Կինը՝ սիւնն է եւ ճշմարիտ տնտեսը ընտանիքին։
Կինը՝ մարդկութեան շարունակականութեան եւ գոյութեան երաշխիքն է։
Կինը՝ Աստուծոյ պատկերին նմանութեամբ զաւակներ ծնող մայրն է։
Կինը՝ հոգատար է իր սիրով ու նուիրումով։
Կնոջ սրտէն ու հոգիէն գեղեցկութիւն կ՚արտացոլայ։
Իսկ փափկասուն հայ կինը՝ հերոսուհի է։
Հայ մայրը տան ճրագն է։
Հայ մայրը սուրբ է։
Հայ մայրը տան խնդութիւնն է։
Հայ մայրը զաւակները իրար կապող ամրակուռ ուժն է։
Հայ մայրը դաստիարակն է Հայկեան ազգի սերունդներուն։
Թող երկա՜ր ու առողջ ապրին կանայք։
Հայ կանայք, հարսեր ու աղջիկներ գարուն բերէք հայ աշխարհին եւ օրհնութիւն հայ կեանքին։
Կանանց տօնը շնորհաւոր։
Աղօթարար՝
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Գանտայի Հայոց Թեմի


