Երկուշաբթի, 2 Մարտ 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեան, ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ՝ Պարոն Արմէն Ռուստամեանը։
ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին կ՚ընկերակցէին՝ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ՝Պարոն Յովիկ Թիւֆէնքճեան եւ Օրիորդ Նորա Արուշեան։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանը, Ազգային ԿեդրոնականՎարչութեան անդամ՝ Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ՝ Տիկին ԾովիկԹերզեան, Պարոն Յակոբ Պուլկարեան, Պարոն Թորոս Պապիկեան եւ Պարոն Զաւէն Չոքաքլեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին, որ մասնաւորաբարՀայաստանէն Գանատա ժամանած էր, որպէս պատգամաբեր ՀՅԴ հիմնադրութեան 135-ամեակիձեռնարկներուն։
Պարոն Ռուստամեան իր կարգին ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգային Վարչութեանանդամները եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն ու ազգանուէր աշխատանքներուն։
Հանդիպման ընթացքին առիթ եղաւ խօսելու. Հայաստանի ներկայ կացութեան, Հայ Եկեղեցւոյ դէմտարուած յարձակողական քաղաքականութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կատարած ուկատարելիք աշխատանքներուն մասին։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

