
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՏԱՐԵԿԱՆ
«ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐ»ՈՒԱՆ ԸՆԹՐԻՔ
Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի տարեկան աւանդական Գոհաբանութեան Օրուան ճաշկերոյթը, Հովանաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Եպիսկ. Բարիքեանի եւ կազմակերպութեամբ Կանանց Խորհուրդին, տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2015-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնէն ներս։ Ձեռնարկի ընթացքին, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր։


