Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, Կիրակի, 4 Յունուար 2026-ին, ԳանատայիՀայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան հանդիսաւորՍուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Ուինտզըրի Ս. Ստեփանոս Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյհամայնքին համար, տեղւոյն Մար Շարպէլ Մարոնիթ Եկեղեցւոյ մէջ:

 

Սրբազան արարողութեան խորանին ծառայեցին՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանն ու եկեղեցւոյայցելու Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Հրանդ Քհնյ. Գէորգեանը։

Ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիկին Ծովիկ Թերզեան։

 

Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց Սուրբ Ծննդեան ջրօրհնէքը, ինչպէսնաեւ օրհնեց Հոգաբարձութեան կողմէ Տէր Հօր նուիրուած Պատարագի զգեստը։

 

Խաչի կնքահայրն էր՝ Պարոն Վարանդ Աշըգեան։

 

Ջրօրհնէքի արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց հոգեպարար պատգամ մը։

 

Իր խօսքին մէջ, յատուկ կերպով գնահատեց Տէր Հրանդը իր անշահախնդիր ծառայութեան համարինչպէս նաեւ Հոգաբարձական կազմը, Դպրաց Դասի անդամներն ու Սուրբ Խորանի սպասարկողներըիրենց նուիրուածութեան համար։

 

Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, ուր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւհամայնքի զաւակներուն կողմէ, որոնց հետ շրջապատուած անցուց մտերմիկ պահեր։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

DSC_0373

Image 1 of 12