ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԳԷՄՊՐԻՃԻ ՄԷՋ
Շաբաթ, 5 Սեպտեմբեր 2015-ին Գէմպրիճի մէջ նշուեցան Ս. Խաչի տօնն ու տեղի ունեցաւ Մուսա Տաղի հերոսամարտիկներուն նուիրուած մատաղի օրհնութիւն։ Առ այդ, Շաբաթ երեկոյեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեան, դիմաւորուեցաւ Գէմպրիճի «Ս. Նշան» Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեանի, Ազգային Վարչութեան անդամ՝ պրն. Մայք Թիթիզեանի եւ եկեղեցւոյս Հոգաբարձութեան անդամներուն կողմէ։
Կիրակի, 6 Սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը, Ս. Խաչի տօնին առիթով, Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս մատուցուեցաւ Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն` նկատի ունենալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն բերուած էր նոր Միւռոն, ինչպէս նաեւ մատաղի օրհնութիւն։
Ս. եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Մուսա Տաղի հերոսամարտիկներու յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ մատաղի ու ռեհանի օրհնութիւն։ Աւարտին, երգուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգը։