Չորեքշաբթի, 17 Դեկտեմբերին, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ ԵկեղեցւոյԱստուածաբանութեան Դասընթացքին մասնակցած 2025 թուականի շրջանաւարտներու հաւաքը, օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշն. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, ինչպէսնաեւ՝ Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնագիտական Բաժանմունքի վարիչ՝ Գերպտ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանի, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշն. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Տիկ. Ծովիկ Թերզեանի։

 

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանը, որ ներկայացուց 2025 տարեշրջանիմասնակիցները, դասընթացքի նպատակը եւ նիւթերը, եւ գալիք ծրագիրները։ Հայ Գեղարդ նշեց, որասիկա երկրորդ տարին է այս դասընթացքին, Ուսումնագիտական Բաժանմունքին կողմէկազամկերպուած, որ տարուէ տարի կը ծաւալի եւ թափ կը ստանայ, ի պատիւ մեր Եկեղեցւոյպատմութեամբ եւ աստուածաբանութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ Քրիստոնէական մեր հաւատքը մօտէն եւխորապէս ճանչնալ փափաքող երիտասարդներու խանդավառ մասնակցութեան, որուն իբրեւ արդիւնք՝անցեալ տարի առաջին (101) դասարանին վրայ աւելցաւ երկրորդ (102) դասարանը, իսկ 2026-ին, շրջանաւարտներու փափաքին ընդառաջելով՝ պիտի աւելցուի երրորդ (103) դասարան մը։

 

Ապա, իր օրհնութեան եւ շնորհաւորական խօսքը փոխանցեց՝ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ, Գերշն. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան։ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես երիտասարդներու սոյնդասընթացքին իրենց խանդավառ մասնկացութեան, դրուատեց անոնց ունեցած հետաքրքրութիւնն ունախանձախնդրութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ, եւ սորվելու փափաքը, որպէսզի աւելի լաւ ճանչնան եւսիրեն Հայ եկեղեցին։ Սրբազան Հայրը մանաւա՛նդ շեշտեց՝ գիտելիքները գործի վերածելու եւՔրիստոնէավայել օրինակելի կեանքով ապրելու անհրաժեշտութիւնը, որպէս պսակը եւ պտուղը սոյնդասընթացքներուն։

 

Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամէն ետք, տեղի ունեցաւ վկայագրերու բաշխումը։

Սրբազան Հօր ձեռամբ շնորհաւորագրեր ստացան անցնող տարեշրջանին սոյն դասընթացքինմասնակցած նորապսակ չորս զոյգեր, որոնց, եւս, Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր օրհնանքը, շեշտելով՝քրիստոնէական եւ հայկական աւանդութիւններուն վրայ կառուցուած՝ Հայ ընտանիքին կարեւորութիւնը։

 

Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ ջերմ մթնոլորտ, որու ընթացքին իր խօսքը փոխանցեց՝ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանը, շնորհաւորելով շրջանաւարտները, եւ հրաւիրելովզանոնք՝ մասնակից դառնալու իրենց իսկ տան՝ մեր եկեղեցւոյ եւ Ազգային Առաջնորդարանիծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն։

 

Տէրունական աղօթքով եւ Առաջնորդ սրբազան Հօր «Պահպանիչով» եզրափակուեցաւ շրջանաւատիցհաւաքը։

 

Նշենք, որ Հայ Եկեղեցւոյ Աստուածաբանութեան Դասընթացքները պիտի վերսկսին Մարտ 2026-ին։Մանրամասնութիւնները կը փոխանցուին շուտով։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

DSC_0138

Image 1 of 28